Լիտիա Մարկոսեան

Կենսագրություն

Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը վերապրածներու երրորդ սերունդին ժառանգ Լիտիա Մարկոսեան ծնած է Ֆրանսա 1970ին։ Անոր արմատները Արեւմտեան Հայաստանի Էսքիչեյր գաւառի Սիվրիհիսարէն են։ Լիտիա Մարկոսեան սովրած է Լիոնին մէջ, որտեղ ստացած է տնտեսական եւ սոցիալական գիտութիւններու մագիստրոսին կոչում, վկայագիր: Սովրած է քաղաքագիտութիւն՝ Լիոնին քաղաքական գիտութիւններու ինստիտուտին մէջ։ Ստացած է DESS (Diplôme d’Etudes Supérieures Spécialisées) եւրոպական իրաւունք՝ Լիոնի համալսարանի իրաւագիտութեան ֆակուլտետէն: Լիտիա Մարկոսեան դասաւանդած է տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ընդհանուր եւ միջազգային տնտեսագիտութիւն եւ ֆրանսերէն: Ընտրուած է Բրոն (Ռոն) կոմունայի քաղաքային խորհրդական 2001-2007ին։ Ան կը պաշտպանէ ազգերու անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքը, միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Rassemblement pour l’Indépendance et Ռոն-Ալպեր բաժինը: la Souveraineté des Nations (RIF)՝
Ժան-Պոլ Բլեդի եւ Ալեն Բուրնազելի նախագահութեամբ։ 2016ին դարձած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատգամաւոր։ 2017-2019 թուականներուն Ժնեւին մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ Թուփաջ Ամարու ՀԿ-ի պատուիրակ է եղած եւ նշանակուած է Ժնեւին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ
Արեւմտեան Հայաստանի ներկայացուցիչ: 2016ին եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարին պատուիրակ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան բնիկ ժողովուրդներու փորձագիտական մեխանիզմին մէջ։ 2019-2023 թուականներուն վերընտրուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատգամաւոր՝ ԱՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արմենակ Աբրահամեանին նախագահությամբ։ 2016-2024 թուականներուն Լիտիա Մարկոսեան արեւմտահայերու համագումարին պատուիրակ է Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գենետիկական ռեսուրսներու, աւանդական գիտելիքներու եւ մշակութային արտայայտչամիջոցներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէին մէջ։ Լիտիա Մարկոսեան Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ է ընտրուած 2024 թուականի 19 Յունուարին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւորներու միաձայն քուէարկութեամբ։