Օրէնք կայացած 2021թ․ Մարտի 3-ին
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու վերաբերեալ
Հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի հռչակագիրը
4. Բոլոր այն անդամները ովքեր կարող են ապացուցել իրենց տարագիր ըլլալը եւ կարող են հիմնաւորել իրենց ընտանեկան ծագումը նոյնիսկ մի քանի սերունդ վաղեմութեամբ’ պաշտպանուած են Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի կողմէ: Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կերաշխաւորէ իր բոլոր անդամներու ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը:
Հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան յայտարարութիւնը՝ քաղաքացին կ՛ընդուն է հետեւեալը
1) Ստանալով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, պատուով կը յայտարար է, որ կարդացած է Սահմանադրութիւնը ու կը հաստատէ բոլոր պայմանները, որոնք ուղուած են Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու կիրառմանը
2) Պատուով կը յայտարարէ, որ ծնողներէն մէկը Արեւմտեան Հայաստանի հայ է, եւ (կամ) ցեղասպանութիւն վերապրած հայ։
Հաշուի առնելով հետեւեալ որոշումները
http://www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2011/Kaghaqatsiutyan-Andznaqri-patsadrutyun-01.06.2011.pdf
Ինքնութեան վկայականի ձեւաչափի մասին
Հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Սամահանդրութիւնը
Յոդուած 13
1) Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիները պաշտպանուած են ԱՀ-ի Հանրապետութեան տարածքին մէջ ինչպէս նաեւ սահմաններէն դուրս:
2) Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու եւ այն ետ վերցնելու կարգը սահմանուած է օրէնքով:
Յոդուած 34
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծնած երեխան կը հանդիսանայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի:
Այն բոլոր երեխաները, որորնց ծնողներէն մէկը Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի է կամ ծնողներէն մէկը Արեւմտեան Հայաստանի հայ է (ցեղասպանութիւն վերապրածներու սերունդի ներկայացուցիչ) Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունք ունի:
Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու եւ չեղեալ յայտարարելու կարգը սահմանուած է օրէնքով: Ոչ մէկ չի կարող զրկուիլ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւնէն, նոյնիսկ այլ քաղաքացիութիւն փոխելու հանգամանքով:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին կարող է արտահանձնուիլ օտարերկրեայ պետութեան, միայն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վավերացուած միջազգային պայմանագիրներուն համաձայն: Երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձանց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները սահմանուած են օրէնքով:
Յոդուած 1. – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի կարելի է դառնալ’ դիմելով տուեալ հասցէին, գրաւոր կամ էլեկտրոնային տարբերակով
(http://www.western-armenia.eu/WAP/Inscription/2021/Enregistrement-fr-arm.php) նշենք, որ հասցեն կարող է փոփոխուիլ:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումը անվճար է:
Յոդուած 2. – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի կարող է դիմել Արեւմտեան Հայաստանի ինքնութեան քարտ (İD) ստանալու համար ‘ հաշուի առնելով համապատասխան նշուած չափանիշները (http://www.western-armenia.eu/WAP/2014/Formulaire_de_demande_de_carte_d-identite-Inknutyan_yev_Kaghakatsutyan_timoum.pdf), որոնք կարող են ենթարկուիլ փոփոխութեան:
Յոդուած 3. – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնութեան քարտ ստանալու համար կը պահանջուի դրամական մասնակցութիւն, որը հաստատուած է օրէնքով (արտադրելու եւ առաքելու ծախսեր) :
Յոդված 4.-
ա) Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր մերձաւոր հարեւաններու տարածքներուն ինքնութեան քարտ ստանալու պայմանները նշուած է Յոդուած 8-ի մէջ
բ) Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Աւստրալիայի եւ մնացած Ասիական երկիրներու մէջ ինքնութեան քարտ ստանալու պայմանները նշուած է Հոդուած 8-ի մէջ
գ) Հարաւային Ամերիկայի եւ մնացած այլ երկիրներու մէջ ինքնութիւն ստանալու պայմանները նշուած է Հոդուած 8-ի մէջ
Յոդուած 5. – Ինքնութեան քարտը պատրաստելու եւ ուղարկելու տեւողութիւնը կապուած է դիմումներու քանակի հետ, առաւելագոյն տեւողութիւնը 6 ամիս է՝ սկած դիմած օրէն, եթէ ՆԳՆ-ի կողմէ որեւէ առարկութիւն չիկայ:
Յոդուած 6.- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի անձն հաստատող փաստաթուղթը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան հիմնադիր բաղադրիչն է, ուստի այն կը պատկանի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեանը:
Յոդուած 7.- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնութեան քարտի շհնորհումը կը կատարուի Նախագահի հրամանագիրի համաձայն, որը կարող է ճանաչուի անվավեր նաեւ սխալ վարքի պարագային:
Յոդուած 8.- Արտադրութեան արժէքի տարբեր սակագները կը սահմանուին ՆԳՆ-ի օրէնքով: Այն պարագային, երբ նոյնականացման քարտի արտադրութեան եւ տրամադրման գինի սակագները պէտք է փոփոխուին իւրաքանչիւր երկրի մէջ սահմանուած տնտեսական չափանիշներով, նոր սակագները կը ճշտուին ՆԳՆ-ի որոշմամբ, որը կը հրապարակուի պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ:
Յոդուած 9.- Սոյն օրէնքը վավերացուելէ ետք կը հրապարակուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ:
2021 թուականի Ապրիլի 09-ի Հրամանագիր
Արեւմտեան Հայաստանի ինքնութեան քարտի արտադրութեան եւ առաքման արժէքի հետ կապուած
Ներքին գործերու նախարարութիւնն
Հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու պայմաններու մասին 2021 թուականի Մարտի 03-ի օրէնքի 4-րդ հոդուածը:
Դիտարկուած եւ բնութագրուսծ է երեք ոլորտ.
– Յոդուած 1) Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր մերձաւոր հարեւանները ՝ ծախսերուն մասնակցութեան համար: Փաստաթուղթի արժէքը 10 ոսկի է (1 ոսկի = 1 եվրո):
– Յոդուած 2) Ամբողջ Եւրոպան, Հիւսիսային Ամերիկան, Աւստրալիան եւ ասիական բոլոր երկիրները ՝ ծախսերուն մասնակցութեան համար: Փաստաթուղթի արժէքը 30 ոսկի է (1 ոսկի = 1 եվրո):
– Յոդուած 3) Հարաւային Ամերիկան եւև ամբողջ աշխարհը ՝ ծախսերուն մասնակցութեան համար: Փաստաթուղթի արժէքը 10 ոսկի է (1 ոսկի = 1 եվրո):
Վավերացուած է Արմենակ Աբրահամեանի՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի կողմէ 2021 թ. Ապրիլի 09-ին։