Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը սոյն հաղորդագրութիւնը կը յանձնէ աշխարհասփիւր Հայութեան, որպէսզի Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ տարագրուածներու իւրաքանչիւր ժառանգորդ՝ դիմէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովին, պահանջելով մեր գոյութեան եւ ինքնորոշման տարրական եւ հիմնարար իրաւունքներու կիրառումը:
Ինքնորոշման մեր իրաւունքը իրաւաբանականօրէն՝ կ’ենթադրէ Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհասփիւռ հայերու լայնածաւալ ժողովրդավարական աջակցութիւնը:
Հետեւաբար բացարձակ կարեւորութիւն ունի ձեր իւրաքանչիւրին կողմէ ամբողջացնել եւ ստորագրել սոյն յայտարարութիւնը:
Բացի Արեւմտեան Հայաստանի Հայերէն` Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ տարագրուածներու ժառանգորդներէն, ո՛չ մէկ այլ կառոյց, մարդկանց ո՛չ մէկ խումբ իրաւունք չունի պահանջելու անոնց ինքնորոշման իրաւունքը: Այլապէս Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը պիտի ունենան հնարաւորութիւնը՝ իրենց ուրոյն ժողովրդավարական կառոյցներով տնօրինելու իրենց տարագրեալ ժողովուրդի ապագայի հարցերը:
Ժամանակն է՝ առանց երկմտութեան, ձերք ձերքի, միասի՛ն կառուցենք մեր միասնական ապագան:
Եկէք միասին ապացուցենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի Ցեղասպանութենէն վերապրած Հայերը տակաւին կանգուն են եւ կը շարունակեն պայքարիլ իրենց գոյութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն համար:
Եկէք միատեղենք մեր ուժերը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի, Կառավարութեան եւ խորհրդարանի շուրջ՝ 9 Մայիս 2016-ին ընդունուած Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութեան հիմքերով, որու առաքելութիւնն է պաշտպանել մեր բոլոր իրաւունքները որպէս Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներ՝ միջազգային բոլոր ատեաներուն առջեւ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ