Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական խորհուրդ Նախագահական Հրամանագիր
N°68 – 2019.04.27
1948 թ.-ի Դեկտեմբեր 9-ին Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին Պայմանադրութեան վերաբերեալ
Հանրապետութեան նախագահը
- Հաշուի առնելով Սահմանադրութեան77-րդյօդուածը,
- Հաշուի առնելով 2019 թուականի Մարտ 21-ին Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան հետեւանքներուն եւ փոխհատուցման նպատակով նախարարութեան ձեւաւորումը,
- Հաշուի առնելով 1951 թուականի Մայիս 28-ին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ սոյն Պայմանադրութեան վերաբերեալ կատարած վերապահումները եւ Ցեղասպանութեան պայմանադրութեամբ նախատեսուած որոշումն ու միւս վերապահումները,
- Հաշուի առնելով 2019 թուականի Ապրիլ 24-ին Թիւրքիոյ նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը՝ իրենց հայրենիքէն տեղահանուած բնիկ հայերու, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւման եւ 1950 թ.-ի Յուլիս 31-ին Թիւրքիոյ սոյն Պայմանադրութեան միանալունվերաբերեալ,
- Հաշուի առնելով ՄԱԿ-ի 60/147 բանաձեւը մարդու իրաւունքներու բնագաւառի միջազգային նորմերու կոպիտ խախտումներուն, եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումներուն զոհ դարձած անձերու իրաւական պաշտպանութեան եւ վնասի փոխհատուցման իրաւունքը,
— Հաշուի առնելով միջազգային պայմանագիրներու վաւերացման եւ/կամ միացման պայմանները,
Հրամանագիր
Յօդուած 1 : Արեւմտեան Հայաստանի միացումը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման Պայմանադրութեան (1948թ․-ի Դեկտեմբեր 9):
Յօդուած 2 : Վարչապետը պատասխանատու է այս հրամանագիրի կատարման համար:
Յօդուած 3 : Հրամանագիրը կը հրապարակուի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական հանդէսի էջերուն։
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ