Հայ ազգը միշտ ալ գտնուած է միջազգային քաղաքականութեան քառուղիին վրայ,
որու պատճառաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայը իր պահանջատիրական
իրաւունքներու յանձնառուն է այսօր:
«Սփիւռքահայութեան» մէջ գործող հայապահպան առաջատար
կազմակերպութիւններ տարիներ շարունակ փորձած են ստեղծել արտերկրի
հայութեան միահամուռ կառոյց, որ դժբախտաբար մնաց իբրեւ գաղափար ու
այդպէս ալ չյաջողուեցաւ իրականութիւն դառնալ:
Այդ փորձերը ծնունդ առին մասնաւորաբար այն ժամանակաշրջանէն, երբ
հայկական աշխարհը մասնատուեցաւ երկու մասերու, որու մեծամասնութիւնը
ցեղասպանութեան հետեւանքով սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, իսկ ազգի փոքր
հատուածը մնաց Խորհրդային լուծի տակ:
Այս պատճառաւ է, որ հայապահպանումը հիմնանպատակ դարձած էր
ներազգային քաղաքական առաջնորդներու համար:
21-րդ դարը, սակայն, նոր մարտահրաւէրներ դրաւ հայ ժողովուրդի առաջ,
ընդհանրապէս, եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի անկախութենէն ի վեր,
որով պարտադրուած խնդիրներ ստեղծուեցան հայ ժողովուրդի համար: Թէ՛
միջազգային դերակատարները, թէ՛ ազգային պահանջատիրութեան
քաղաքականութեան մեր ղեկավարները մխրճուած են իրենց իսկ ստեղծած
խառնաշփոթ վիճակին մէջ:
Այսօր Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը, հասկնալով սփիւռքին
պարտադրուած խնդիրները, հաստատակամօրէն կ’ առաջնորդէ Արեւմտեան
Հայաստանի հայերուն, որպէսզի անոնք կարենան յառաջ մղել հայ ժողովուրդի
ազգային պահանջատիրական շարժումը՝ յստակ գիտակցելով աշխարհակալ
քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներու ստեղծած արտասովոր
բարդութիւնները:
Հակառակ նախաստրրագրված հայ-թրքական արձանագրութեան (protocole)
ստորագրութեան, Թուրքիան չյաջողեցաւ տարանջատել Հայաստանը
«սփիւռքահայութենէն», ոչ ալ հայրենասէր եւ ազգասէր ժողովուրդը հարուածել
այդ ուղղութեամբ կատարած քարոզչական արշաւով:
Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւններ եւ այլ հասարակական
կազմակերպութիւններ յաջողեցան ձախողեցնել արձանագրութիւններու
ընթացքը, որ թէպէտ կը խօսի ազգանուէր նպատակի մասին, բայց եւ այնպէս
հայկական պահանջատիրութեան հարցի յստակ պատասխանը չի տար:
Աղմկայարոյց այս արձանագրութիւններու դէմ բարձրացած ըմբոստացումով
հայերը, ցավոք, կարծեցին թե, իրենց պապենական կենսական իրաւունքներու եւ
օրինական պահանջքներու խաղարկումը այս արձանագրութիւններու ընդունման
վիժեցումով կ’աւարտուին:
Այստեղ հարց կը յառաջանայ, թէ որքա՞ն կարելի է կանգնիլ կէս ճանապարհին:
Հայ ազգը այժմ անյապաղ կարիքը ունի հայկական կառոյցի մը, նաեւ հայկական
միացեալ ոյժի եւ բռունցքի մը, իբրեւ մէկ մարմին՝ պահանջելու համար իրմէ
բռնադատուած հայրենիքը: Մեր պահանջքները պիտի ներկայացնենք բնիկ
ժողովուրդներու իրաունքներու հիման վրայ եւս՝ իբրեւ բնիկ հայ ազգ:
Ոմանց կը թուի, թէ տասնամեակներէ ի վեր ազգապահպանման կարիքները
հոգացող կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները տակաւին մի քանի
հարիւր տարի եւս պիտի շարունակեն ազգին «ծառայել» նոյն այդ նպատակին
համար:
Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ գիտաժողովներ տեղի կ’ունենան, որոնց
ընդմէջ, մտաւորականներ, մասնագէտներ ու պատմաբաններ գնահատելի
առաջարկներ կը ներկայացնէն, ընդհանրապէս հասկնալի մտահոգութիւններով:
Նմանօրինակ գիտաժողովներ կը ատարուին նաեւ Հայաստանի մէջ ալ: Բայց
մտահոգութիւն յայտնելը մէկ բան, իսկ գործնական քայլերեու ձեռնարկելը՝
ուրիշ բան:
Օրինակ, անհրաժեշտ է հասկնալ ու գիտակցիլ Արեւմտեան Հայաստանի
հայերու պահանջատիրութեան քաղաքականութեան հիմքը: Խնդիրը Արեւելեանի
եւ Արեւմտեանի տարանջատումը չէ, ոչ ալ պատեհականութենէ ծնած հարց, այլ՝
նշուած քաղաքական պահանջատիրութեան պատմական անհրաժեշտութեան
ըմբռնումը:
Մենք պարտք ունինք կատարելու մեր անմեղ նահատակներու համար, ներկայ
եւ ապագայ սերունդներու առջեւ:
Իննսուն տարիներու ընթացքին մեր ազգային պատկանելիութիւնը,
լեզուն ու կենցաղը ձուլումի ենթարկուելով, հայ-էն վերածուեցանք ամերիկահայու, ռուսա-հայու, պարսկա-հայու, լիբանանա-հայու կամ ֆրանսա-հայու եւ
այլն, ու ի վերջոյ եղանք «սփիւռքա-հայ»:
Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան նպատակն է
Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազգային պահանջատիրութեան եւ
իրաւունքներու ճանաչումը եւ վերականգնումը:
Վտարանդի կառավարութիւնը աշխարհին կը ներկայանայ որպէս
Արեւմտեան Հայաստանի հայ ազգի իրաւունքի պահանջատեր իբրեւ բնիկ այդ
տարածքի վրայ:
Արեւմտեան Հայաստանի հայերու միասնական կառոյցը ճշգրիտ ուղին պիտի
ըլլայ Հայ Դատի Պահանջատիրութեան արդար լուծումը հետապնդող բոլոր
հայկական կազմակերպութիւններուն:
Յաճախ ձայներ կամ բացականչութիւններ կ’արձակուին աշխարհի այս կամ
այն անկիւնէն, հայկական կողմէ, կամ նոյնինքն հայկական հարցի համար
տեսակէտներ եւ գաղափարներ կ’առաջարկուին, որոնց արդիւնքը,
հաւանաբար, յանգի նոր ապրիլ 23-ի եւ նոր ճանապարհային քարտէսի մը:
Իսկ քանի տարիներ եւս անարդիւնք պիտի անցնին, տակաւին յայտնի չէ
շատերու համար:
Ճիշտ է, որ «սփիւռքահայութիւնը» 21-րդ դարու շեմին շուարած կանգնած է,
բազմատեսակ տեսակէտներու եւ գաղափարներու մէջ:
Իսկ կուսակցութիւնները եւ այլ ազգային կազմակերպութիւններ իննսուն տարի
շարունակ սփիւռքի մէջ կառչած մնացած են մէկ պահանջատիրական
գաղափարի վրայ:
Բայց յուսահատութեան պատճառ չկայ:
Երբ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու վտարանդի կառավարութիւնը ներառէ
իրենց ցանկութեամբ եւ գիտակցութեամբ սփիւռքի համայն հայկական
կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները եւ միութիւնները, նաեւ հայրենիքի
ներկայացուցիչները, այն ատեն պահանջատիրութիւնը կը նկատուի իբրեւ
համազգային մէկ խնդիր:
Այս առումով կարելի է համահայկական օրակարգի մշակմամբ իրաւական
քաղաքական նախագիծ կազմել:
Մեր հայրենիքի մեծ մասը բռնագրաւուած կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ, եւ
թուրքական պետութեան երազանքն է երբէք չտեսնել իրական պահանջատէրը՝
Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդը, այլ տեսնել միայն «սփիւռքահայը»:
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը տարիներէ ի վեր
սթափած է «սփիւռքահայութեան» պատեհապաշտութեան եւ
նիւթապաշտութեան թմբիրէն եւ ճամբայ կը հարթէ ազգային գործի
յառաջխաղացման համար: