ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ 1921թ. մարտ 16-ի պայմանագրի առնչութեամբ

1921թ. մարտ 16-ին ստորագրուած, բայց միջազգային ճանաչում չգտած դաշինքը
Ռուսաստանի Խորհրդային Դաշնակցային Ընկերվարական Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի միջեւ ահաւասիկ բոլորեց իր 90 տարին:

Ռուս-թրքական կողմերու յանցապարտ այս համաձայնութիւնը ըստ էութեան կը
վաւերացներ Հայաստանի կորուստները: Անոնք միեւնոյն ժամանակ ոտնահարեցին
միջազգային չափանիշներն ու սկզբունքները:

Առանց հայկական կողմի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, կողմերու որոշմամբ Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուի գաւառը կը յատկացուին Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանը կը տրամադրուի Ազրպէյճանի խնամակալութեան:

1921թ. մարտ 16-ին Մոսկուայի այս դաշնագրի Հայաստանին վերաբերող հատուածը միջազգային իրաւունքի բիրտ խախտում մըն է, որովհետեւ դաշնագրի ստորագրող կողմերը ոտնահարելով հայկական կողմի միջազգայնօրէն ճանչցուած բոլոր իրաւունքները եւ առանց վերջինիս համաձայնութեան, կ’ ստորագրեն Հայաստանի տարածքները վերաբաժանման ենթարկող այս պայմանագիրը:

Ռուսաստանի Խորհրդային Դաշնակցային Ընկերվարական Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը դաշնագիրը կնքելու պահուն միջազգային իրաւունքի ենթակայ չէին հանդիսանար: Այս իսկ պատճառաւ պայմանագիրը իրաւական ոյժ չկրեր նոյնինքն միջազգային իրաւունքի համաձայն:

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը պայմանագրի ստորագրութեան պահուն հանդէս եկած էր Մուսթաֆա Քեմալի անունով, որու նկատմամբ մահուան դատավճիռ կայացուած էր արդէն իսկ այդ թուականէն առաջ ( 1921թ. մարտ 16 ) թուրքական ռազմական դատարանի կողմէ, եւ որ իբրեւ յանցագործ փախուստի մէջ էր:

1921թ. մարտ 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած դաշնագիրը անօրինական է եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ոյժ չունի:

Ուստի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ, որ չի ճանչնար 1921թ. մարտ 16-ի Մոսկուայ ստորագրուած պայմանագիրը, նաեւ անոր յաջորդող, նոյն տարուայ 1921թ. հոկտեմբեր 13-ի Կարսի պայմանագիրը՝ ստորագրուած Հայաստանի պոլշեւիկեան իշխանութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Add Your Comment