ԿՈՉ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նպատակ ունի պաշտպանելու եւ վերականգնելու հայութեան բոլոր իրաւունքները,
ներազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ, որոնք բնական, հիմնական ու հիմնարար են, ինչպէս նաեւ անբեկանելի եւ անժամանցելի, իր սեփականութիւնն ու ժառանգութիւնը հանդիսացող Հայկական լեռնաշխարհի նկատմամբ, այսինքն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ:

Պայքարի այս ճանապարհին մեր հակառակորդները հնարաւոր ամէն միջոց ի գործ կը դնեն տարատեսակ սադրանքներ ու դաւեր իրականացնելու նուիրեալ ու հայրենասէր մեր ուժերու նկատմամբ:

Ըստ այդմ, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը սոյն Կոչով կը դիմէ հայութեան անխտիր բոլոր խաւերուն, գործօն ուժերուն եւ ազգային, հասարակական-քաղաքական կառոյցներուն՝ սատար կանգնելու Հայոց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար գործի լծուած այս ուղիին, որպէսզի հնարաւոր եւ անհնարին, յայտնի ու անյայտ բոլոր միջոցներով յաջողինք վերականգնել ոտնակոխուած մեր արդարութիւնը:

Տարանջատման հակառակ եւ հիմնական Մէկ նպատակի ծառայող ուժերու կեդրոնացմամբ կարելի է նաեւ, ի հարկին, խափանել իրաւական-քաղաքական մեր գործընթացին հակառակ ամէն դաւադրութիւն:

Մենք կը հաւատանք, որ մեր գործը արդար է եւ յաղթանակը մերն է:

Add Your Comment