“The Times” թերթի Փարիզի թղթակիցը 11 Օգոստոս 1920-ին գրեր է հետեւեալ յօդուածը.
«1920 թուականի Օգոստոսի 10-ին, 11 Դաշնակից Պետութիւնները ստորագրեցին Սեւրի Դաշնագիրը: [1]
Հայ-թիւրքական Դաշնագիրը վերջապէս ստորագրուեցաւ:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեւրի մէջ՝ կէսօրէն յետոյ, ժամը 16-ին:
Ձգձգումներէ ետք՝ որուն պատճառը կը հանդիսանար յոյն-իտալական բանակցութիւնները: Թիւրքական պատուիրակութիւնը ինչ որ այլ պատճառով ժխտեց ստորագրել Դաշնագիրը՝ դէմ չըլլալով Սերպիային, որ պէտք է յատուկ ստորագրութիւն ստանար Կոնստանդնուպոլսէն:
Սերպիան չստորագրեց, որովհետեւ չէր ուզեր պատրականութիւն վերցնել թիւրքական պարտքին համար, որու կազմակերպումը պէտք է տեղափոխուէր Սերպական Թագաւորութիւն, Խորուաթիա եւ Սլովենիա, որոնք միասնօրէն կ՛առանձնանային հին թիւրքական տարածաշրջանէն:
Սակայն, այդ ժամանակաընթացքին ստորագրելու թոյլտուութիւն ձեռք բերած են Գեներալ Հադի Փաշան, Ռիզա Թաֆիկ Պէյը եւ Ռաշիտ Պէյը, ուստի արարողութիւնը տեղի ունեցած է քանի մը ժամ յետոյ: Թիւրքական պատուիրակութեան ստորագրութենէն ետք, Դաշնակից Պետութիւններու ներկայացուցիչները նոյնպէս ստորագրած են, Մեծ Բրիտանիան ներկայացուցած է Պարոն Ջորջ Գահամը:
Ստորագրութիւնները դրուած են երեք փաստաթուղթերու վրայ. առաջին՝ նոյն ինքն Դաշնագիրին վրայ, երկրորդ՝ յոյն-իտալական արձանագրութեան վրայ, եւ երրորդ՝ այն արձանագրութեան վրայ, որ կը վերաբերի Փոքր Ասիային: Ընթացակարգը նման էր ստորագրման ընթացակարգին, որն ընդունուեր էր նախորդ Դաշնագիրը ստորագրելու ժամանակ:
Թիւրքական ներկայացուցիչները հագած էին բաճկոններ, բայց պահպանած էին Ֆեսը ամբողջ արարողութեան ընթացքին, ըստ իրենց ազգային աւանդոյթին:
Ստորագրող Պետութիւնները եղած են Թիւրքիան, ինչպէս նաեւ Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճապոնիան, Հայաստանը, Բելճիքան, Յունաստանը, Լեհաստանը, Պորտուգալիան, Ռումինիան, Չեխոսլովաքիան:
Սերպիան, եւ Հեճազը չեն ներկայացած:
Խաղաղութեան Պայմանագիրի վաւերացումը Հոնգարիոյ հետ, եւ Դաշնագիրը, որ ստորագրուեր է Թիւրքիոյ կողմէ, յետագային՝ Մեծ Բրիտանիոյ կողմէ կը հանդիսանայ սոյն պատերազմի աւարտը, որ սկսեր էր 1914 թուականին:
Խաղաղութիւնը՝ Գերմանիոյ հետ, ստորագրուեր է Վերսայլի մէջ, 1919 թուականի Յունիսի 28-ին, վաւերացուեր է Յունուարի 10-ին:
Խաղաղութիւնը՝ Պուլկարիոյ հետ, ստորագրուեր է Նոյիի մէջ, 1919 թուականի Նոյեմբերի 27-ին եւ վաւերացուեր է Օգոստոսի 9-ին:
Խաղաղութիւնը՝ Հունգարիոյ հետ, ստորագրուեր է Վերսայլի (Թրիանոն) մէջ 1919 թուականի Յունիսի 4-ին, բայց այն մինչեւ օրս չէ վաւերացուած:
Համայնքներու Պալատի հարցին ի պատասխան, Յունիսի 1-ին պարոն փաստաբան Պոնարը յայտարարեր է, որ համաձայն դադարեցման Օրէնքին (Սահմանման) անոնք չեն կրնար զերծուիլ, քանի դեռ ստորագրուած Պայմանագիրները Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ եւ Թիւրքիոյ հետ չեն ստացած անհրաժեշտ վաւերացումը: