Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընտրական յանձնաժողովը ստորեւ կը ներկայացնէ 2023 թուականի Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի 2023 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներու պաշտօնական ցուցակը:
Ձեր նախընտրած թեկնածուին ձեր ձայնը տալու համար պէտք է մկնիկով սեւցնէք ձեր ընտրութիւնը, պատճենէք եւ տեղադրէք ձեր նախընտրած թեկնածուին թիւը, անունը եւ մականունը աղիւսակին տակ գտնուող առաջին համապատասխան դաշտին մէջ։ Այնուհետեւ լրացուցէք ամբողջ ձևաթուղթը ձեր բոլոր տուեալներով:
Ձեր թեկնածուին ընտրութեան եւ լրացուած ձեւին հաստատումը պիտի կատարուի, երբ սեղմէք վերջաւորութեան գտնուող “ուղարկել” կոճակը։
Դուք կրնաք ընտրել միայն մէկ թեկնածու: Որեւէ այլ ընտրութիւն անվաւեր պիտի ճանչցուի։
Այդ ձեւով Դուք կը սատարէք Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորի ստորեւ նշուած թեկնածուին։
Իւրաքանչիւր թեկնածուի համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 80 ձայն՝ իր թեկնածութիւնը հաստատելու համար 2023 թուականի Փետրուարի 15-էն մինչեւ 2023 թուականի Նոյեմբերի 15-ի վերջնաժամկէտը: